Րաֆֆի Աճէմեան,
20 Նոյեմբեր, 1998, Սան Ֆրանսիսքօ
Նոյեմբեր 6էն 8, Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ կեդրոնի շէնքին մէջ, հովանաւորութեամբ Համազգայինի տեղւոյն Նիկոլ Աղբալեան մասնաճիւղին, կայացաւ Հրայր Անմահունիի գործերու երկրորդ ցուցահանդէսը։ Նոյն վայրին մէջ ու մօտաւորապէս հինգ տարի առաջ տեղի ունեցած առաջին ցուցահանդէսը, որ նաեւ արուեստագէտին կողմէ ինքնա(վերա)ծանօթացման հրաւէր մըն էր ուղղուած տեղւոյն հայկական համայնքին յատկանշաբար կը կոչուէր Բարի Լոյս / Good (morning) Light։ Այս մէկը ուներ անգլերէն ընդհանուր վերադիր մը՝ On Deep Background եւ Նոր Գործեր / New Works(+) ենթախորագիրը։ Արուեստի գործի մը անունը, կամ վերնագիրը յաճախ կ՚ունենայ անոր էութեան առընչուող, զայն լուսաբանող, մեկնաբանումի յղող կամ եզրերու ու յղացքներու ցանցի մը մէջ զետեղող հանգամանք մը։ Տարբեր չէ պարագան ժամանակակից արուեստի գործերուն ու Անմահունիի ընտրած այս վերադիրը ունէր որոշ մեկնաբանական յղումներ։ Բացիկները տպուած էին ու հրաւէրները ուղղարկուած։ Խորք ու յետամաս նշող այս վերադիրը անունն էր նաեւ ցուցադրուաղ գործերէն լման մէկ մասին։ Յաւելեալ մօտեցումի համար անհրաժետ էր ուրեմն ընդունիլ հրաւէրը մտնելու գործէն ներս։
Գործէն ներս, որովհետեւ ցուցադրավայրը, այսինքն Հայ Կեդրոնի շէնքը, կամ Ժողովրդական տունը, ինչպէս պատերէն մէկուն կպցուած ցուցատխտակ մը կը նշէ, դարձած էր ցուցադրուող գործին պարունակը, սկսեալ առաջին սրահի մուտքէն մինչեւ վերջին յարկի պաստառներու համադրուած ներկայացումը։ Անոնք որ կը ճանչնան կեդրոնի շէնքը, գիտեն որ ան դարասկիզբին կառուցուած երեք յարկանի ընդարձակ տուն մըն է, որ աւելի ուշ մանր փոփոխութիւններով վերածուած է կեդրոնի շէնքին։ Գեղեցիկ շինութիւն մը, որ պահած է ատենուան ներքին ու արտաքին ճարտարապետական որոշ մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ մանր կահաւորումի պատուհաններէն մինչեւ միջանցքներն ու աստիճանները երկարող հնացած ու հնաբոյր երեսներ, որոնց յատկանիշը այցելուին չի զլանար պարգեւելու օրերու ու տարիներու արձագանքը հանդիսացող ընդհանուր տրամամդրութիւն մը, զգացում մը։ Ծանօթ ու ապահով մթնոլորտը հայ կեդրոնին, ուր արուեստագէտը բերած ու հաստատած էր իր գործը, թոյլ տալով որ քանի մը օրուան համար ան դառնայ անոր նոր բնակիչը, լեցնէ զայն ներսէն, միաժանակ թափանցելով կարծես շէնքն ու անոր պատերը, կաղապարուելով անոնց մէջ ու փորձելով անցնիլ անոնցմէ անդին։ Ցուցահանդէսը ուրեմն գրաւած էր երեք սրահ երեք յարկի վրայ, մէկը միւսէն տարբեր չափով, առօրեայով ու կահաւորումով։ Երեք ներկայացում կամ զետեղում (installation)։
Առաջինը, որ գրաւած էր գետնայարկի յարաբերաբար խոշոր սրահը, որ ընդհանուր հանդիպավայրն էր նաեւ կեդրոնի այցելուներուն ու տէրերուն, եկեղեցիի բակէն խուժող կիրակնօրեայ բազմութեան սուրճի արարողութիւններէն մինչեւ հրապարակային ասուլիսներն ու թատրոնի ներկայացումները, անվերնագիր էր։ Այցելուն ներս կը մտնէր կեդրոնի շեմէն ու քանի մը քայլ չ՚արած արդէն կը գտնուէր առաջին զետեղումին մէջ։ Զանազանում չէր դրուած սրահին ու զետեղումներուն միջեւ. յայտնի չէր որ մէկը ո՞ւր կը սկսի, միւսը ո՞ւր կը վերջանայ։ Ներս մտնելուդ, զգայարանքներդ քեզ կը թելադրեն մէկ կողմէ ծանօթ վայրի մը մէջ գտնուելու գիտակցումը, միւս կողմէ անծանօթ վայրի մը մէջ ինկած ըլլալու անորոշութիւնը։ “Զետեղումը պատահար է” կ՚ըսէ Անմահունի։ Անով բան մը կը պատահի ծանօթ վայրի մը։ Նոյեմբերի մէջ ու Սան Ֆրանսիսքոյեան բաւական զով եղանակին՝ ելեկտրական հովահարներու խումբ մը կը բանէր անընդհատ ու բարձր ուժքնութեամբ, դարձող շեղբերուն օդահատումի աղմուկը լեցնելով կահոյքէ պարպուած սրահը։ Երեք հովահար երկար ոտքի վրայ, հատ մը կարճ, ամէն մէկը սրահին մէկ պատին ուղղուած, մէկն ալ խոշոր պատուհանին, ու զայն գրկած իր արձակած հովի ալիքով։ Գրկած նաեւ ամբողջ սրահը ՝ դարձող շեղբերուն միաշեշտ ու անընդմէջ աղմուկով ու սրահին պատերէն ետ արձակուող զով օդի պտտուող յորձանքով։ Հովահարները կը բանէին ու ամէն մէկը իր դիմացի պատին փակած կը պահէր թափանցիկ նայլոնէ կտրուած դղքիի (maple) հսկայ տերեւ մը, բոլորը նոյն չափի ու նոյնաձեւ։ Ու առաջին զգացումը ալեկոծող հովին, շէղբերու աղմուկին ու զետեղումի պատահարին ընկալողը կը մղէ վայրկեան մը կենալու։ Կը գտնուիք ծանօթ վայրի մը մէջ, ձեր գտցած սրահն է, պատէրը նոյնն են, նոյնն է նաեւ գետնին կերպարանքը, խողոր պատուհանին ապակին, առօրեայ արարկաներէն պարպուած բեմը, պատերուն գամուած ու սրահին պատկանող կարգ մը նկարներ, գրութիւններ։ Սրահը նոյնն է ու նոյնը չէ։ Պատերը կանգուն են, սակայն դուրսի եղանակը կարծես թափանցած է ներս։ Պատուհանը գոց է, սակայն հովի ալիք մը կը դառնայ օդին մէջ ու ձեր դէմքը կը շոյէ։ Կան նաեւ այդ տարօրինակ տերեւները, խոշոր ու թափանցիկ, բոլորը նոյն չափով ու նոյն ձեւի, պատին փակած ու անընդհատ հովի ալիքի մը տակ ծփացող, մինչեւ որ կա՛մ մէկը գայ ու անցնի հովահարներէն մէկուն առջեւէն, կենայ հոն ու հովը խափանէ, կա՛մ ալ ի վէրջոյ հովի ալիքը թափանցէ անոնց ու պատին միջեւ գտնուող միջոցը, լեցնէ զայն ու անոնք բաժնուին, կարծես կեղւըւին պատէն ու իյնան գետին։ Ինչ ալ ըլլայ պարագան, անկարելի է չ՚ազդուիլ այս ամբողջ բեմակամնացումէն, անկարելի է մանաւանդ զայն տեսնելէ ու ապրելէ ետք, անոր մէջ քանի մը վայրկեան գտնուելէ ետք այդ սրահը կրկին դիտել առանց յիշելու զետեղումը, հովահարներն ու պատերուն ծփացող տերեւները։ Ապրումը ընկալուածին բառերէն անդին, զգացումներէն անդին մղող ոլորտի մը յայտնաբերումն է։ Ոլորտ մը ուր կ՚ընէք դուք ձեզի ընկալումի նորայայտ հարթակի մը։ Հոս է կը կարծենք, զետեղումին պատահար ըլլալու, ու վերընկալումի մղելու յատկանիշը. առիթը ստեղծել որ տարիներու ընթացքին առանց անդրադառնալու կաղապարուած ու մտային ոլորտներու մէջ քարացած ընկալումները ու անոնց իմաստները, վայրերն ու պաշտօնները շեղին նոյնիսկ երկվայրկեանի մը համար, որպէսզի նոր աչքով կարելի ըլլայ դիտել ու ընկալել շրջապատը։ Մէկ խօսքով, նորոգուելու բնական ընթացքը։ Ինչպէ՞ս սակայն նորոգել մտային ընկալումնեեր ու յղացքներ, որոնք կառուցուած ըլլալուն ընդհանրապէս չենք անդարդառնար։ Ինչպէ՞ս մտածել։ «Գործը ինքզինք պէտք է զգացնէ, պարտադրէ, որպէսզի անկէ անդին մտածել տայ» կ՚ըսէ Անմահունի։ Արուեստի գործը իր բնոյթով իսկ հարցադրող է, մանաւանդ երբ ան կը բանի յղացական գետնի վրայ, երբ զգայարանքներուն յղումները չեն անցնիր ծանօթ ու որպէս չակերտեալ արուեստ ճանցուած գոյներու ու ձեւերու մէջէն։ Ասիկայ շատ աւելի ցայտուն կը դառնայ զետեղումնեերու մէջ, ուր ցուցադրումի ամբողջ տրամաբանութիւնը կը հարցադրուի ինքնիր վրայ, երբ ցուցադրուածն ու զայն ընկալողը կը դառնան իրար հարցաքննողներ, զիրար նորէն գտնողներ, իրար շուրջ դարձողննե, մէկը միւսով ու մէկը միւսին հետ։ Խաղի նոյն սկզբունքն է, երբ երեխան աչքերը կը բանայ ու աշխարհը կը յայտնաբերէ, երբ տակաւին իմաստները թափանցած չեն շրջապատին ու նստած անոր վրայ։ Զետեղումը կը փորձէ ձեւով մը այդ իմաստները կրկին տարանջատել, ծփացնել որպէսզի նոր ընկալումներու դռներ բացուին։ Այսպէս զետեղումին մէջ կամ առջեւ գտնուողը կը հրաւիրուի խաղալու նախագոյ իմաստներու, կառուցումներու, մտային յղացքներու հետ, ինչպէս նաեւ զետեղուածին իսկ հետ, անոր վրայ ազդելով ու անկէ ազդուելով։ Անոր վայրը վայրն է նաեւ խաղին։ Ան ինքզինք տրամադրելով գործին կը դառնայ նաեւ անոր բաղկացուցիչ մէկ երեսը, ե՛ւ որպէս զայն ընդգրկող վայր, ե՛ւ որպէս անկէ հարցադրուող միջավայր։ Այս զուգորդումը վայրին ու գործին ե՛ւ հետաքրքրական է, ե՛ւ հարազատ։ Հետաքրքրական է որովհետեւ տարօրինակ է այս հին ու ծանօթ շէնքին այսպէս գրաւումը հովահարներու ալիքով լեցուելու, անոնցմով կարծես գոց պատերը մէկէն կը բացուին շրջապատին, դուրսի եղանակը կուգայ ներս, զետեղումը կը հրէ պատերը դէպի դուրս։ Ու կը սկսինք խաղալ անոր կարելիութիւններուն հետ, հովը խափանել, տերեւները վար ձգել, մինչ մեր միտքերուն մէջ կը սկսի ծանօթացումի նոր աշխատանք մը, ծանօթացումը ժամանակաւորապէս անծանօթ դարձած վայրի մը հետ։ Սակայն այս վայրը նոյն ինքն Հայ կեդրոնն է, այսինքն այն վայրը որ ամենամոտիկ վայրն է հաւաքական ապրումներու ու ինքնապատկերացումներու, այն վայրը որուն շուրջ ձեւով մը կը դառնայ հաւաքական ու տեղական գիտակցութիւն մը։ Եւ ուրեմն հարազատութիւնը, որովհետեւ հարցադրողը նաեւ անոր հարազատ բնակիչն է։
Կարելի է խորանալ մեկնաբանութիւններու ու զանազան շերտեր կառուցել պատերէն անդին գիտակցութեան, հաւաքականութեան, ինքնգիտակցումի։ Սակայն էականը այդ չէ։ Գործը այս ամէնը ուղղակիօրէն չի թելադրեր։ Ինչ որ կ՚ընէ, ծանօթը մէկէն շրջել ու անծանօթի վերածելն է։ Հոս է որ ընկալողը կը միջամտէ ու ամէն ոք կրնայ այս շեղումէն մեկնելով կառուցել ինքնիր հարցադրումները։ Այսքանը ըսենք, որ շատ իւրայատուկ պահեր էին այդ սրահին մէջ այդ կարճ ժամերն ու վայրկեանները, իւրայատկութեամբ մը որ ոմանց համար գիտակցուած էր, ոմանց համար ոչ, երբեմն ընդունուած, երբեմն ոչ։ Զետեղումը իր բնոյթով անկարելի կը դարձնէր սովորական հակազդումը, հաւնիլներ ու չհաւնիլներ, սիրելներ ու չսիրելներ, որովհետեւ ինքնին սովորական բեմականացում մը չէր ու ատով իսկ կը յաջողէր ընկալողին մոտ իրագործել գիտակցութեան ժամանակաւոր շեղում մը, խափանում մը։ Ստեղծուած բացուածքին մէջ է որ առիթը կը ստեղծուէր հարցադրումի մը ու նոր ընկալումի կարելիութեան։ Հայ կեդրոնը վերածուած էր ինքնին շատ իւրայատուկ ապրումի վայրի մը ե՛ւ ֆիզիքական գետնի, ե՛ւ զգայարանքներու, բայց մանաւանդ մտածումի հարթակին վրայ։ Իւրայատուկ ապրում մը որ կը բարդուէր անոր հին ու սիրելի շէնքին։ Տպաւորութիւնը բոլորովին տարբեր երանգ պիտի հագնէր եթէ զետեղումը կայացած ըլլար մաքրաջրուած ու առանց ինքնութեան ցուցասրահի մը անդէմ պատերէն ներս։ Ստացուածը այս պարագային ունէր յատուկ երանգաւորում մը։ Զետեղումը ինքզինք առնչելով սրահին, կը ցուցադրէր նաեւ զայն, ու այսպէս սրահին յետամաս ըլլալն ալ կը դարձնէր հարցական։ Շէնքը, որ սկզբունքով ցուցադրութեան յետամասին մէջ կ՚իյնայ, իր պատերն ու անոր շրջագծուող միջոցը կը տրամադրէ ներսի բնակիչին, նէրսէն դիտուած կը դառնայ յառաջամաս։ Հովահարները կը փչէին տերեւները ու կը փակէին պատերուն, կարծես զանոնք հրելով դուրս։ Այս ներսի-դուրսի խաղը շատ յատկանշական էր ամանաւանդ այս շէնքին մէջ։ (հայ/օտա՞ր)
Երկրորդ յարկի միջանցքին մէջ կար տեսագրական զետեղում մը (video installation)։ Միջանցքէն բացուող բոլոր սենեակներուն դռները փակուած էին։ Պաստառը դրուած էր անոր վերջաւորութեան, իսկ բարձրախօսները չէին երեւեր։ Ձայնը կուգար անյայտ վայրէ մը ու յաճախ կը տարծուէր երեք յարկերուն վրայ, ամբողջ ցուցահանդէսին յայթաթելով վարի հովահարներու շեղբերու աղմուկին կողքին ձայնային տարբեր գունաւորում մը, արձագանգ մը։ Տեսագրութիւնը նախկին գործ մըն էր, առայժմ չցուցադրուած որ կը կոչուի Cool Breeze։ Կը ցուցադրէր կրկին ելեկտրական ու այս անգամ դարձող(պտտուո՞ղ) գլուխով հովահարի մը տագանպը, մինչ ան նստած է քաուչուկէ անիւի մը մէջ աւ անոր գլխուն շարժումները կ՚արգիլուին զանազան առարկաներու կապուած երկար թելով մը։ Հովահարին ետին կը վառի կարմիր ու արագ հալող մոմ մը, որ կը լափէ շեղբերուն ներծծած օդը ու կը վառի կատաղի կերպով։ Հովահարը անընդհատ կը շարժի մէկ կողմէն միւսը, փորձելով յաղթահարել կապանքները, ու անոր ամէն մէկ շարժումին կը զուգակցի մրճահարումի խուլ ձայն մը, որ կարծես ըլլար անոր սրտին զարկը։ Կան զանազան տեսարաններ, պատերուն գամեր որմէ թելը կապուած է, հրշէջ ու խցանը հանուած շիշ մը (fire extinguisher), պատէն կախուած կախիչներու վրայ արական ու իգական զգեստներ, մրցանակի բաժակ մը, մկրատ մը, եւայլն։ Տեսագրութեան զանազան ընդհատումներով ու առարկաներու սեւեռումով դիտողին կը տրուի որոշ խորհրդանշական յղումներ որոնցմով կարելի է կառուցել իւրայատուկ պատում մը։ Վերջաւորութեան հովահարը կը տապալի ինքնիր վրայ ու կ՚իյնայ գետին։ Պահ մը կը թուի որ մոմը մարեցաւ ու ամէն բան վէրջացած է, սակայն խաբուսիկ պահ մըն է ասիկա միայն որովհետեւ անմիջապէս յաջորդող տեսարանով ան կրկին կը սկսի բանիլ իր այդ տապալած վիճակով իսկ, մինչ մոմը կը շարունակէ վառիլ։ Վէրջաւորութեան երկվայրկեան մը տեւող քամերայի ալեկոծող շարժումով մը կ՚առաջարկուի ամբողջ վիճակին բիրտ իրականութիւնը ու արդէն գիրերը կը գրուին the end, աժաջին տառը անընդհատ բացխփող, ստեղծելով he end տարբերակը։ Ու տեսագրութիւնը կը սկսի ետ սկիզբէն, առիթը տալով բազմաթիւ ընկալումներու։ Կարճ զետեղում մը ուրեմն, հեղինակին խոստովանութեամբ շինուած իբր փորձարկում տեսնելու համար թէ ի՞նչ պիտի կատարուի հովահարի մը ետեւ դրուած մոմին, եւ որուն նկարահանումի ընթացքին կը սկսի ծաւալիլ պատում մը։ Ամէն մարդ գիտէ որ առջեւ դրուածը կը մարի։ Իսկ ետե՞ւը։ Փորձարկումը անծանօթին, իսկ դիտողին մօտ տեսագրումին ընկալումը ամէն անգամուն տարբեր մանրամասնութիւններ յայտնաբերող թնճկախաղի (puzzle) մը կտորներուն պէս, որոնք կուգան զատ-զատ բայց ունին ամբողջութեան մը առաջարկը։ Այս պարագային ամէն դիտող կը կազմէ իր պատումը։ Այսպէս երկու յարկերուն ու երկու զետեղումներուն միջեւ գոյութիւն ունի նաեւ բնանութային (thematic) միութիւն մը, մէկը միւսին յղող, միւսը առաջարկող, յարաբերաբար հին գործէ մը, ուրեմն անցեալէ դէպի նոր մը ու տակաւին բանող, այսինքն ներկային։ Երկուքին համար կան նաեւ յետամասեր, մէկուն պարագային անյայտ ուղղութենէ եկող ձայնը, որ կ՚արձագանգէ երեք յարկերուն վրայ, կը ստեղծէ ձայնային յետամաս մը, միւսին պարագային ամբողջ սրահը զոր գրաւած է զետեղումը, կարծես ինքզինք արատցոլող պատերուն։ Այսպէս կը հասնինք վերջին յարկին, On Deep Background վերադիրով անշատաբար յայտարարուող զետեղումին։
Նեղցող աստիճանեերէն բարձարանալով կը հասնինք շէնքին երրորդ յարկը որ կը ձգէ նաեւ ձեղունի տպաւորութիւն։ Նեղ սենեակի մը մէջ, հնադարեան հսկայ սեղանի մը վրայ դրուած են երեք հնահոճ ու զարդարուն լուսամփոփներով լամբեր, որոնց շուրջ ու առաստաղէն կախուած բարակ թելերով սեղանին շուրջբոլորը կը ծփան ցուցահանդէսին բուն խորագիրը յայթաթող 12 պաստառները։ Անոնց շրջանակներուն մէջ զետեղուած են մէկէ աւելի թափանցիկ թաղանթներու վրայ տպուած ու վրայ-վրայի շերտաւորուած հին լուսանկարներէ առնուած ու չափազանց խոշորցուած տեսրաններ։ Արդիւնքը երեք չափանի խորքի նմանողութեամբ տպաւորութիւն կը ստեղծէ։ Բովանդակութիւնը սակայն կուտայ միայն պատկերելու առաջարկներ, եւ ոչ թէ կազմուած ու վէրջնականպէս թրոշմուած տեսարաններ։ Անոնք աւելի լոյսը պեղող, իրենց թաղանթներուն մէջ նոր շերտերը բռնող ու կրկին լուսարձակող մակերեսներ են թափանցիկ ու ինկող լոյսին զօրութեան ու աստիճանին համեմատ գոյն ու ձեւ փոխող։ Անմահունիի այս գործերը, ինչպէս նաեւ միւսները, կը մատնեն անոր մօտ գիտութեան ու ճարտարարուեստի կարելիութիւններն ու սահմանները պեղող հետաքրքրութիւն մը, զանոնք իւրայատուկ ձեւով օգտագործելու ու այդպէս նոր մակերեսներ ու հարցադրումներ ստեղծելու ծառայող։ Տարօրինակ են այս պաստառները։ Կան Պէյրութեան ու Լիբանանեան հետքեր, սակայն ամէն բան կը շարժի ստոյգի ու անստոյգի լոյսէ թափանցիկ սահմաններու մէջ։ Ընդհանուր տեսարանը զետեղումին, նեղ սրահի մուտքէն դիտուած, երբ հասնիք երրորդ յարկ, ինքնին տպաւորիչ է։ Զօրաւոր հակադրութիւն մը կայ առօրեայ առարկաներու ու անսովոր պաստառներու, հնաւոճ իրերու ու բոլորովին անծանօթ շերտերով մատուցուող պարունակութեան։ Կարելի է երկար նայիլ անոնց ամէն մէկուն, զանոնք թեքել, լոյսի աղբիւրը փոխել, նոր մակերեսներ յայտնաբերելու համար անոնց մէջ։ Յետամասերը այստեղ գործերուն մէջ իսկ են ու անոնց շերտաւորումով կը ցոլանան։ Շեշտը նորէն ծանոթի ու անծանօթի խաղին, հին տեսարաններու նոր յայտնաբերումին։ Որովհետեւ անկարելի է սովորական ու առանց մտածումի ընկալել զանոնք։ Գործը նորէն կը պարտադրէ ինքզինք, բերելով հանդիսատեսը իր հարթակին։
Հրայր Անմահունի արուեստի ուսումը սկսած է Պէյրութ գտնուող Լիբանանեան Գեղարուեստի Կաճառին մէջ (ALBA), ապա զայն շարունակած Սան Ֆրանսիսքոյի Արուեստի Հիմնարկին մէջ ( San Francisco Art Institute) եւ ստացած Մագիստրոսի աստիճան ֆիլմարուեստի մէջ։ Ան մասնակցած է զանազան խնբային ցուցահանդէսներու, ինչպէս նաեւ ունեցած յիշեալ երկու անձնական ցուցահանդէսները։ Կ՚ապրի ու կը ստեղծագործէ Սան Ֆրանսիսքօ*։